Воскресенье, 22.09.2024, 16:21
Приветствую Вас Гость | RSS
Главная | Каталог файлов | Регистрация | Вход
Меню сайта
Форма входа
Категории раздела
Мои файлы [1009]
Поиск
Наш опрос
Оцените мой сайт
Всего ответов: 133
Друзья сайта
  • Официальный блог
  • Сообщество uCoz
  • FAQ по системе
  • Инструкции для uCoz
  • Статистика

    Онлайн всего: 21
    Гостей: 21
    Пользователей: 0
    Мой сайт
    Главная » Файлы » Мои файлы

    ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ (ՀԱՅԵՐԵՆ) / НОВОСТИ (НА АРМЯНСКОМ)
    08.02.2011, 13:39
    Զանգուածներուն Ուժը

    Հարկաւոր է խթանել հայ զանգուածներուն ուժը ելեկտրոնային ցանցերուն մէջ` ի պաշտպանութիւն Հայաստանին եւ հայկական դատերուն:
    Հարկաւոր է, որ ելեկտրոնային ցանցերուն մէջ առկայ հայ զանգուածներուն ուժը աշխուժօրէն գործէ` յառաջացնելու համար տեղեկատուական արագ արձագանգման դրութիւն մը` ընդդէմ թուրք-ատրպեճանական ապատեղեկատուութեան եւ հակահայկական սադրանքներուն, որոնք ունին գրեթէ ամենօրեայ բնոյթ եւ կը տարածուին համացանցի եւ այլ միջոցներով` լուրէ լուր, յայտարարութենէ յայտարարութիւն եւ հրապարակումէ հրապարակում:
    Արհեստագիտականօրէն` այս գործը կարելի է իրականացնել ստեղծելով ելեկտրոնային համապատասխան հարթակներ` համացանց եւ բջջիջային հեռախօսներ օգտագործողներուն համար, կազմակերպականօրէն`ծաւալելով լայն արշաւ համացանցի հայ հանրութեան մօտ:

    Հաշուի առնելով, որ միջազգային տեղեկատուական միջոցներու մէջ թուրք-ատրպեճանական հակահայկական սադրանքները կը ներկայացնեն լրջագոյն սպառնալիք` Հայաստանին եւ հայութեան, եւ որ թուրք-ատրպեճանական տեղեկատուական մեքենան կը գործէ համահունչ` ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գետիններուն վրայ Հայաստանի նկատմամբ երկու երկիրներու կիրարկած յարձակապաշտ ռազմավարութեան, հարկաւոր է հաստատել, որ հայկական կազմակերպութիւններն ու հայ անհատները պարտաւոր են արդիւնաւետօրէն օգտագործել ելեկտրոնային արդի արհեստագիտութեան միջոցներն ու իրենց կողմէ անոնց օգտագործման գիտութիւնը` ի սպաս Հայաստանին եւ հայկական դատերուն:

    Միջազգային տեղեկատուութեան դաշտին վրայ հայ զանգուածներու արագ արձագանգման արշաւներուն թիրախ են թուրք-ատրպեճանական կողմին եւ անոր դաշնակից միջազգային շրջանակներու հակահայկական սադրանքները` հետեւեալ թեմաներուն վերաբերեալ-

    Ղարաբաղեան հարց, Հայկական ցեղասպանութիւն, Հայ-թրքական յարաբերութիւններ, Հայ ժողովուրդի հին եւ արդի պատմութիւն, Հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւն, Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններ եւ այլըն:

    Այս եւ այլ թեմաներու վերաբերեալ ստայօդ լուրեր, կողմնապաշտ յօդուածներ եւ միտումնապաշտ ուսումնասիրութիւններ պէտք արժանանան համացանցի հայ զանգուածներու քննադատական արագ արձագանգումին` նամակներու, նամակարշաւներու, պատասխան-յօդուածներու եւ այլ ձեւերով: Արձագանգները պէտք է հասցէագրուին նիւթերու հեղինակներուն, հրապարակող խմբագիրներուն եւ հրատարակիչ կազմակերպութիւններուն: Պէտք չէ անտեսել նաեւ թուրք, ատրպեճանցի եւ համախոհ պետական, քաղաքական եւ տնտեսական գործիչներուն յայտարարութիւնները: Իսկ Հայաստանի ու հայութեան շահերը հաշուի առնող հրապարակումներու հեղինակներն ու հրատարակիչները պէտք է ստանան հայ զանգուածներու դրական արագ արձագանգները, ինչ որ պիտի նպաստէ տեղեկատուական դաշտին վրայ Հայաստանի եւ հայութեան բարեկամներու դիրքերու զօրացման:

    Այս գործը պէտք է իրականանայ ազգային համընդհանուր համագործակցութեան եւ անհատներու թէ խումբերու միջեւ փոխադարձ քաջալերանքի մթնոլորտի մը մէջ, ինչ որ ոչ միայն պիտի ապահովէ իրականացումը տեղեկատուութեան դաշտին ուղղութեամբ առաջադրուած նպատակներուն, այլեւ պիտի զօրացնէ Հայաստան-Սփիւռք միասնութեան գետինը` Հայաստանէն մինչեւ արտասահմանի ամենահեռաւոր վայրեր Հայկական կազմակերպութիւններ եւ հայ անհատներ մասնակից դարձնելով Հայաստանի եւ հայկական դատերու պաշտպանութեան առընչուող միւենոյն գործունէութեան:

    Նման մօտեցում էական բաղադրամաս կը հանդիսանայ հայկական տեղեկատուական անվտանգութեան հայեցակարգին եւ տեղեկատուական մարտի համընդհանուր ռազմավարութեան. այս բաղադրամասի ձեւաւորման համար աշխատանքները հարկաւոր է համադրել` Հայաստանի տարբեր գերատեսչութիւններու եւ համացանցի հայ հանրութեան գործիչներուն միջեւ:

    Ներկայիս, կը հանդիպինք նշուած աշխատանքներու բազմաթիւ օրինակներու, մանաւանդ ընկերային ցանցերու պարունակին մէջ, ուր հայ անհատներ կը գոյացնեն խումբեր եւ կը ձեռնարկեն տեղեկատուական-քարոզչական արշաւներ`հետապնդելու համար ազգային նպատակներ: Հարկաւոր է թուրք-ատրպեճանական տեղեկատուական սադրանքներուն դէմ համացանցի հայ զանգուածներու արագ արձագանգման գործունէութիւնը օժտել մասնաւոր արհեստագիտութեամբ եւ ելեկտրոնային յատուկ հարթակներով, որ ներառնէ թէ համացանցը եւ թէ հեռահաղորդակցութեան այլ ձեւեր / մանաւանդ` բջջիջայինը /, կարելի յստակութեամբ համացանցի հայ օգտագործողներուն ներկայացնելու համար տեղեկատուական մարտի առօրեայ նորութիւնները, տուեալ օրուայ թիրախները եւ օգտագործելիք "զինատեսակներն ու զինամթերքը”` տեղեկատուական դաշտին վրայ թուրք-ատրպեճանական հակահայկական սադրանքներուն նկատմամբ հայ արձագանգող ուժի ընտրելիք պարսաւանքի, դատապարումի կամ քննադատումի թեզերն ու շեշտադրումները, կամ` Հայաստանին ու հայութեան շահերը նկատի առնող հրապարակումներու նկատմամբ դրական գնահատականի պատգամները, եւ ուղեցոյցներ` այս բոլորին վերաբերեալ:

    Վարդան Թաշճեան
    Պէյրութ-Լիբանան

    08.02.2011
    LRBEREST
    "ԼՐԱԲԵՐ ԷՍՏՈՆԻԱՅԻՑ" 
    Категория: Мои файлы | Добавил: esthaylraber
    Просмотров: 269 | Загрузок: 0 | Рейтинг: 0.0/0
    Всего комментариев: 0
    Имя *:
    Email *:
    Код *:
    Сделать бесплатный сайт с uCozCopyright MyCorp © 2024